2011-01-26 14:01:07

Լիբանանի ՈՒՄ ՄԱՈՒՆԱ` Օգնական Տիրամայր Կոչուած Եկեղեցին` Քանդուած Եւ Կողոպտուած։


Հիւսիսային Լիբանանի Ֆանար շրջանին մէջ անծանօթներ յարձակեցան Ում Մաունա եկեղեցւոյ վրայ եւ քանդեցին ու կողոպտեցին եկեղեցին։
Ապահովութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան եկեղեցւոյ վայրը եւ իսկոյն հետաքննութիւն բացին արկածին շուրջ։
Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահը` Ուատիհ Խազեն խստիւ դատապարտեց Ում Մաունա եկեղեցւոյ դէմ գործուած այս արարքը՝ շեշտելով, որ անիկա վտանգի փողերը հնչեցնելու համազօր է եւ ցոյց կու տայ, որ այդ արարքը գետնի վրայ կարդարացնէ Իսրայէլի փոխվարչապետ Սիլվան Շալոմի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ բաժանում պիտի կատարուի եւ լարուածութիւնը պիտի հասնի իր գագաթնակէտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.